2012-12-27 10:13:29

Սուրբ Ծնունդը` Հայր Գեւորգ Վրդ. Զապարեանի Խորհրդածութիւնը


«Խաւարին մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ» (Եսայի 9,1)
Սուրբ Ծննդեան տօնը մեզմէ շատերուն մէջ կ'առթէ շատ մը յուզումներ, սիրալիր ժեստեր, չսպասուած վերահաշտութեան բարի զգացումներ ինչպէս նաեւ որոշ խաղաղութիւն: Անիկա ժողովրդական մեծագոյն տօնն է, որ մարդոց մէջ զարմանալի կենդանութիւն կը ստեղծէ: Տարուան ո'չ մէկ թուական չի յարուցաներ ընտանիքներու միջեւ այ՜նքան այցելութիւններ, այ՜նքան նուէրներու փոխանակում, այ՜նքան կրօնական եւ աշխարհիկ բարքեր: Քրիստոնէական ո'չ մէկ տօնակատարութիւն չէ յարուցած այ՜նքան երգերու յօրինումներ՝ բոլոր լեզուներով եւ երաժշտական բոլոր ոճերով: Ո'չ մէկ դէպք այ'նքան չէ արտայայտուած՝ նկարչութեան եւ քանդակագործութեան մեծ վարպետներուն կողմէ:
Ծննդեան տօնը՝ անհաւատալի իրադարձութիւններով յատկանշուած է, օրինակի համար՝ եղբայրներ ու քոյրեր կը վերահաշտուին, մարդիկ օգնութեան կը հասնին աղքատներուն եւ ընչազուրկներուն, ուրիշներ այցելութեան կ'երթան մենութեան մէջ ապրող անձերուն որ մի գուցէ յուսահատութեան կամ վհատութեան պահեր կ'անցընեն: Մարդիկ ալ կան որոնք ձեռք կու տան դժուարին պայմաններուն մէջ գտնուող ծնողներուն կամ լքուած մանուկներուն...Ապահով եմ որ մեզմէ շատերը տեսած ըլլալու են հրաշքի համազօր նման բարի օրինակներ:
Ս. Ծնունդը կը թուի յիշեցնել՝ պատերազմներէն, ապականութենէն ու փտածութենէն տառապող աշխարհի, ինչպէս նաեւ տուայտանքներուն մէջ մխրճուած կամ անիրաւութենէն, ընկերային ու քաղաքական ընդհարումներէն տուժող մարդոց, որ այլընտրա'նք մը կայ ատելութեան, ընչաքաղցութեան ու բռնութեան, որ իրապէս կարելի է լաւագոյն աշխարհ մը կերտել՝ համաձայն մարդացեալ ու մանկացեալ Քրիստոսի բերած տեսութեան: Ս. Ծնունդը տօնել կը նշանակէ ճանչնալ որ սէրը աւելի հզօր է քան բոլոր չարութիւնները:
Ս. Ծնունդը տօնն է ուրախութեան ու յոյսի, տօնը՝ որ մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ տեղ բանալու մեր կեանքին մէջ եւ մեր թեւերը սոթտելով՝ աշխատելու ու տգնելու ի խնդիր լաւագոյն աշխարհի մը կերտումին:
Բեթղեհէմի մէջ, Աստուած անվայէլ կերպով ընդունուեցաւ բնակիչներուն կողմէ: Ղուկաս աւետարանիչը կ'ըսէ.« տեղ չունէին իրենց համար օթեւանին մէջ»... Մարիամ եւ Յովսէփ ստիպուեցան քարայր մը փնռել: Ս. Յովհաննէս կը գրէ.«Աստուած իրեններուն քով եկաւ եւ իրենները զինք չընդունեցին»... ապա կ'աւելցնէ թէ. « անոնց որ զԻնք ընդունեցին, ան տուաւ կարողութիւնը Աստուծոյ որդիներ ըլլալու»:
Իրաւ է որ աշխարհը մեզ կը հռմշտկէ, իրաւ է նաեւ որ շատ մը ընելիքներ ունինք, որ Բեթղեհէմի բնակիչներուն նման շատ զբաղած ենք, իրաւ է որ շատ ժամանակ չունինք եւ ոչ ալ տեղ ունինք տրամադրելիք՝ Աստուծոյ համար մեր կեանքին մէջ: Ինչպէս յաճախորդներով լեցուած պանթոկներուն դուռին վրայ, այնպէս ալ մենք մեր սրտին դուռին վրայ գրած ենք «Կը ցաւինք տեղ չկայ»: Տեղ չկայ որովհետեւ զբաղած եւ ամբողջովին կլանուած ենք մեր գործին ասպարէզով, մեր ժամանցներով, մեր մարզանքներով, եւ մեր բազմաթիւ վազվզուքներով: Առ այդ, Եկեղեցին, իբրեւ Մայր եւ Դաստիարակ, մեզի պատեհութիւնը կ'ընծայէ պահ մը կանգ առնել ընդունելու մեզի այցելող Տէրը եւ Իրեն տեղ վերապահելու մեր կեանքին մէջ :
Բեթղեհէմի գիշերուան մէջ կ'արձագանգէ հրաշալի աւետիսը. «Խաղաղութիւն երկրի վրայ»: Աստուծոյ ամբողջական ծրագիրը բովանդակուած է այս նախադասութեան մէջ: Յիսուս, Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կ'ըսէ՝«աշխարհ եկայ որպէսզի կեանք ունենաք եւ զայն առատութեամբ ունենաք»: Աստուածորդին աշխարհէն ներս կը մտնէ, մեզմէ մէկը կը դառնայ ու մեզ կը հրաւիրէ լաւագոյն աշխարհ մը ստեղծելու, աշխարհ մը՝ եղբայրութեան եւ խաղաղութեան, սկսեալ մեր ընտանիքներէն, մեր շրջապատէն եւ մեր աշխատավայրէն: Աստուած շահագրգռուած չէ անցեալի մեր գործած անառակութիւններով ու վատութիւններով: Ին'չ որ զԻնք կը շահագրգռէ մեր ապագան է:
Հարցումը զոր Ս. Ծնունդը մեր առջեւ կը դնէ հետեւեալն է. «Ես ին՞չ կրնամ ընել որպէսզի կեանքը աւելի լաւ ըլլայ ընտանիքիս մէջ, հարեւաններուս ու բարեկամներուս հետ, կամ աշխատավայրէս ներս»: Պարտինք այս հարցումը մեր աչքին առջեւ ունենալ ո'չ միայն Ս. Ծննդեան շրջանին այլ՝ յառաջիկայ տարուան տեւողութեան:
Քարայրին Մանուկը մեզի կը յիշեցնէ որ ամենէն գեղեցիկ նուէրը զոր կրնանք իրարու ընծայել Ծննդեան տօնին, ո'չ միայն ելեկտրոնային «կաճճէթ» մը կամ բուրդէ աշխատուած զարդարուն վզնոց մը, խաղալիք մը, հագուստ մը կամ անուշահոտ օծանելիք մը այլ՝ եւ մասնաւորապէս, ներո'ւմ մը, շոյա'նք մը, ազնիւ ժես'տ մը, օգնութի'ւն մը, ժպի'տ մը...եւայլ:
Ս. Ծննդեան տօնին, կը միանանք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն: Եւ եթէ մեր տունէն ներս Կաղանդի Ծառին տակ պզտիկ քարայր մը ունինք, կրնանք առիթէն օգտուիլ բացատրելու համար մեր փոքրերուն կամ թոռնիկներուն որ, այս Յիսուսի Քրիստոսի Ծնունդը կրօնական մեծ տօն է, քրիստոնէական հրաշալի թուական է որուն մէջ Աստուած ներկայ է:
Բարի աւետիսը չի գար խաղալիքներու վաճառականէն, այլ մեզի համար աշխարհ եկած Աստուծմէն որ մեզի կ'ընկերակցի մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Իրեն հետ կրնանք վերականգնել ինչ որ կործանած ու աւերուած է մեր սրտին ու հոգիին մէջ:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:








All the contents on this site are copyrighted ©.